






Առաջնորդ Սրբազան Հօր`
Գերշ. Տ. Աւագ Արքեպս. Ասատուրեանի Այցը
Իրաքի Հիւսիսային Շրջանի Քիւրտական Ինքնավար Մարզի
Հայ Համայնքներուն
Յունիս 22-29, 2010 Թ.
Ամէն տարուայ ամառնային եղանակին Թեմիս Առաջնորդը Գերշ. Տ. Աւագ Արքեպս. Ասատուրեանը, հովուական ասան ձեռին, ճամբայ կ°ելլէ այցելելու մեր Տիրոջ բանաւոր հօտը` Իրաքի հայաշատ շրջաններուն մէջ բնակող հայութեան եւ եկեղեցիներուն: Սոյն հովուական այցելութեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերացաւ շքախումբ մը, որուն կ°անդամկցէր Պրն. Պարոյր Յակոբեան, Ազգային Կեդրոնական Նորընտիր Վարչութեան ատենապետը, Պաղտատի Հոգեւոր հովիւներէն Տ. Նարեկ ա. քհնյ. Իշխանեան եւ Ս. Սեղանի քանի մը սպասաւորներ: Հիւսիսային շրջանի մէջ շքախումբին միացան Մուսուլի հոգեւոր հովիւը Տ. Առաքել քհնյ. Գասպարեան, Քէրքուկի Հոգեւոր Հովիւը Տ. Աւետիք քհնյ. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Էրպիլի նշանակեալ յանձնախումբի ատենապետը Պրն. Ռազմիկ Մուրատեան եւ Մուսուլի Թաղականութեան ատենապետը Պրն. Շանթ Մուրատեան:
Նորին Սրբազանութեան գլխաւորութեամբ շքախումբը այցելեց Էրպիլ, Տըհօք, Զախօ քաղաքները եւ Հաւրէզք ու Աւզրուկ զուտ հայկական գիւղերը: Առանցքային տեղ գրաւեց Հաւրէզք գիւղի այցը զի այստեղ տեղի ունեցաւ նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ մը հիմնարկէքը: Շինարարական աշխատանքներուն նիւթապէս կ’օժանդակէ Գերմանիոյ եկեղեցիներու համախմբումը:
Յունիսի 25-ին, Ուրբաթ առաւօտուն կատարուեցաւ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը ըստ մաշտոցի: Նախօրօք ընտրուած 16 կնքահայրեր վէմ քարերը իրենց ափերուն վրայ ներկայացան Սրբազան Հօր, որն օծեց այդ քարերը Սրբալոյս Միւռոնով յանուն մեր Տիրոջ 12 Առաքեալներու, 4 Աւետարանիչներու, Ս. Պօղոս Առաքեալի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի: Յետ աւանդական արարողութեան քարերը փաթթուած սպիտակ կտաւներու մէջ զետեղուեցան 16 փոսերու մէջ, որոնց վրայ ի մօտոյ պիտի բարձրանան նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ սիւները: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեցուց հոծ բազմութեան որ "...եկեղեցի մը շէնք ըլլալէ աւելի Յիսուսի անունով հաւաքուած հաւատացելոց համախմբում մըն է: Հաւատացելները իրենք է որ ոգի կուտան կառուցուելիք շէնքին որպէսզի չմնայ չոր ու ցամաք պատեր այլ վերածուի այն սրբազան վայրին ուր հայ հաւատացեալը պիտի հանդիպի մեր Տիրոջ, գործէ որպէս Քրիստոնէական հաւատք բաշխող հոգեւոր հաստատութիւն, ինչպէս նաեւ ըլլայ տուն ազգի, ուր հայ մշակոյթը միշտ պիտի արձագանգէ մեր ժողովուրդի հոգիին խորունկը: Այսպէս գործած են հայոց եկեղեցիները ամենուր 1700 տարիներ շարունակաբար: Ուստի մենք ալ պէտք է հետեւինք մեր նախնիներու թողած հոգեկերտ ժառանգութեան որպէսզի ազգն հայոց ըլլայ բարգաւաճ ու տոկուն:" Յետ սոյն հոգեպարար արարողութեան Հաւրէզք գիւղի ժողովուրդը կէսօրուայ ճաշով հիւրասիրեց բոլոր ներկաները:
Ուրբաթ Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Աւագ Սրբազան Ս. Պատարագ մատուցեց Տըհօքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ մէջ: Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ եղան Զախոյի եւ Քէրքուկի հոգեւոր հովիւները` Արժ. Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը եւ Արժ. Տ. Աւետիք քհնյ. Մարտիրոսեանը: Պատարագի աւարտին շքախումբը հիւրասիրուեցաւ ազգայիններու կողմէ:
Շաբաթ առաւօտուն Յունիսի 26-ին Սրբազան Հայրը եւ շքախումբը այցելեցին Աւզրուկ հայկական գիւղը, ուր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Նարեկ ա. քհնյ. Իշխանեան` Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ: Յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով օրուայ տօնին ի մասին սրբոց Տրդատ Թագաւորի, Աշխէն Թագուհիի եւ Խոսրովադուխտի, "…որոնք մեծ ներդրում ունեցան Հայաստանի մէջ Քրիստոնէական կրօնի տարածման զի անոնց կեանքերը առնջուած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի լուսազարդեալ կեանքին հետ":ՙ Ըստ սովորութեան Աւզրուկի հայութիւնը չափազանց հետաքրքրական եւ իւրայատուկ կերպով դիմաւորեց իր Առաջնորդը դհոլ-զուռնայով եւ գեղջկական պարերով: Ամբողջ գիւղը միասնաբար սիրոյ սեղանի բարիքները ճաշակեց:
Կիրակի առաւօտուն Յունիսի 27-ին Զախոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Նարեկ ա. քհնյ.ն: Հայր մեր-էն առաջ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ նոր աւազանի օծումը ձեռամբ Սրբազան Հօր: Արարողութեան աւարտին Առաջնորդ Հայրը իր քարոզին մէջ յիշեցուց հաւատացեալ ժողովուրդին թէ "...Մկրտութեամբ եւ կնունքով հայ փոքրիկներ կը քրիստոնէանան ու առաւել եւս կը հայանան իրենց ճակտին կրելով Ս. Էջմիածնի մէջ օրհնուած հայկական զմրուխտեայ Միւռոնը: Սակայն Միւռոնի զանազան շնորհները, որը բոլորիս կը տրուի ի վերուստ, մեզի կը մնայ զանոնք պահել հաւատով, բարիքներով լեցուն մեր շինարար գործունէութեամբ եւ ազնիւ կեցուածքներով:" Յետ պատարագի կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյթ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Թեմիս Կեդրոնական վարչութեան Ատենապետը ամէնուր իրենց այցելած վայրերու մէջ ժողովներ գումարեցին մեր Թեմի ծուխերու հովիւներուն եւ թաղականութեանց հետ անդրադառնալով Իրաքի մէջ եօթը տարիներէ ի վեր շարունակուող անապահով կացութեան, որուն առ ի հետեւանք մեր ժողովուրդը կապրի տեղաշարժ փոխադրուելով համայնքէ համայնք: Եղան կարծիքներու փոխանակում, ծաւալելիք գործունէութեանց կազմակերպում եւ վարչական կարգադրութիւններ:
Իր հերթին Նորին Սրբազնութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ իր ելոյթներուն մէջ ան խօսեցաւ այն մասին, որ ամէն հայ անհատ կոչուած է խիզախելու իր անձէն անդին ցուցաբերելով եկեղեցանուէր զոհաբերութիւն եւ ծաւալելով ազգօգուտ ծառայութիւն: “Ազգի, Հայրենիքի եւ մեր Մայրենի Եկեղեցւոյ նկատմամբ անտարբեր ըլլալ ազգավնաս յանցագործութիւն է”- ըսաւ Սրբազանը:
Վերադարձի ճամբուն Յունիսի 28-ին Էրպիլի մէջ Սրբազան Հայրը եւ Պրն. Պ. Յակոբեան տեսնուեցան Քէրքուկի հոգեւոր հովիւի եւ թաղականութեան անդամներու հետ շօշափելով կարգ մը ազգային ու վարչական հարցեր:
Ահա այսպէս մեր Թեմի պատասխանատուները կը դիմագրուեն տարաբնոյթ դժուարութիւններ մղելով Իրաքի հայ հանրութեան հրաշք գործելու տեսլականին:
Ազգային Առաջնորդարանի
Տեղեկատուական Բաժին
0 comments:
Post a Comment