Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կը գտնուէր Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը` մասնակցելու Սրբալոյս Միւռօնի օրհնութեան արարողութեան, որուն նաև ներկայ էին Իրաքահայ ուխտաւորներու խումբ մը: Այս առթիւ Սրբազան Հօր հետ հարցազրոյց մը ունեցայ`զրուցելու Իրաքահայութեանն այսօր յուզող հարցերու ու դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին, որը համառօտ կը ներկայացնեմ:
Հ: Ցերդ Սրբազնութիւն, կը խնդրեմ, որ ներկայացնէք Իրաքահայութեան վիճակն այսօր:
Պ: 2003-ի պատերազմէն յետոյ, ընդհանուր անապահովութեան պայմաններու բերումով, Իրաքն ապրեցաւ արտահոսք` ամէն մակարդակներով: Յատկապէս տեղի ունեցաւ ուղեղներու արտահոսք: Իրաքահայերը, որպէս Իրաքի քաղաքացիներ, նոյն վիճակին ենթարկուեցան` ապրելով անապահովութեան, ահաբեկչութեան և ենթակառոյցներու ահաւոր փճացման արհաւիրքները: Ահա թէ ինչու Իրաքահայերը արտագաղթեցին դէպի Սուրիա, Յորդանան և Արևմուտք:
Հ: Իսկ ներքին տեղաշարժի մասին ի՞նչ կ’ըսէիք:
Պ: Ներքին տեղաշարժ տեղի ունեցած է Պաղտատ և Պասրա քաղաքներէն դէպի հիւսիսային Քրտական Ինքնավար Մարզ, որու հետևանքով այսօր Իրաքահայոց Առաջնորդարանը` իր զանազան կառոյցներով և անձնապէս մենք, կը գտնուինք նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, քանզի Քրտական Ինքնավար Մարզի զանազան քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք եղան Տհօք և Էրպիլ քաղաքներու մէջ, ծլեցան նոր համայնքներ: Առաջնորդարանը սկսեցաւ մտածել աճեցնել այս նոր համայնքները, անոնց համար եկեղեցիներ կառուցել: Վերջերս, Տհօք քաղաքի մէջ կատարեցինք Ս. Օծման արարողութիւնը Ս. Ներսէս Շնորհալի նորակառոյց եկեղեցւոյ, մասնակցութեամբ Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի և Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի: Այսօր, երբ քաղաքական վիճակը աւելի նպաստաւոր է և ահաբեկչութեան գործողութիւնները զգալի չափով նուազած են, մեր սպասումն է, որ Իրաքահայերը Իրաք վերադառնան, որպէսզի գաղութը վերականգնէ իր նախկին փայլուն վիճակը, որպէս լաւ կազմակերպուած վիճակ (թեմ)` իր ուրոյն կառոյցներով:
Հ: Իրաքէն հայ արտագաղթողներու թիւը ինչքա՞ն կը կազմէ այսօր:
Պ: Այս թիւն այսօր կը կազմէ մօտ 3000 անձ (անոնցմէ 800-1000 անձ Հայաստան կ’ապրին): Ներկայիս, գաղութի թիւը կը կազմէ 16 հազար անձ:
Հ: Ցերդ Սրբազնութիւն, խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզ` հարցազրոյցի համար:
Պ: Շնորհակալութիւն:
Հարցազրոյցը վարեց`
Արա Ս. Աշճեան
Հայաստանի մէջ բնակուող Իրաքահայ
0 comments:
Post a Comment